2012-08-28 12:11:12

Լիբանանու Հանրապետութեան Նախագահ` Սլէյման Քննարկեց Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Այցելութեան Նախապատրաստական Աշխատանքները


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան կազմակերպման համար նշանակուած յանձնախումբին նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին կատարուելիք այդ այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ, նախարար Նազեմ Խուրի, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` հակակշիռի տակ առնել կարենալու համար գործուած օրինազանցութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն փոխանցելու յանցագործները:








All the contents on this site are copyrighted ©.